Կարծիք

30.10.2010 10:15


Հերթական ապա- տեղեկատվություն և զգոնության անհրաժեշտություն

Հերթական ապա- տեղեկատվություն և զգոնության անհրաժեշտություն

Ապատեղակատուական արշաւը հերթական անգամ հարուածեց հայկական լրատուադաշտը։ Անանուն տեսանիւթ մը  Youtube ծառայութեան բաժինով համացանցային շրջանառութեան մէջ մտաւ եւ գրաւեց հայկական կարգ մը լրատուամիջոցներու թողարկած լրատուութիւններուն առաջին հորիզոնականները։ Տեսանիւթը իբրեւ թէ գաղտնի նկարահանուած խօսակցութիւնն էր Միացեալ նահանգներու փոխնախագահ Պայտընի եւ հայ քաղաքական գործիչի մը միջեւ( որ յստակ ալ չէ թէ ամերիակահայ է, Հայաստանէ՞ն է թէ օտարազգի է.յամենայնդէպս կը ներկայանայ իբրեւ հայ)։ Այս վերջինը, երբ կը շեշտէր հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը փոխնախագահը կը վկայակոչէր Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ փոխանցուած պատգամը առ այժմ չճանչնալու հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէսզի չխանգարուի ճանապարհային քարտէսի գործադրութիւնը։
Պարզամիտ դիտողին վրայ բնականաբար հրամացուածը կրնայ մեծ տպաւորութիւն ձգել առաջին հայեացքով։ Իբրեւ թէ գաղտնի նկարահանում է կատարուած՝ բջիջային հեռախօսով. յետոյ խնդրոյ առարկան  Միացեալ նահանգներու նման գերպետութեան մը փոխնախագահն է, որ «գաղտնիք»ներ կը բացայայտէ եւ Հայաստանի նախագահին ենթադրեալ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին կը խօսի։
Հայկական մամուլի որոշ ներկայացուցիչներ չեն դիմացած այս «զգայացունց» լրատուութիւնը արագօրէն թողարկելու փորձութեան, լրագրողական հարթութեան վրայ հետաքրքրաշարժ «նորութիւն» յայտնաբերելու մտադրութենէն մեկնելով։ Եություպի հերոսը փաստօրէն հարուածած էր իր ճշդած թիրախը։
Բայց նախ քան դիտարկումներ կատարելը խօսինք խնդրոյ առարկայ տեսանիւթին մասին։ Նախ, ամէն բանէ առաջ պէտք է հարց տալ, թէ ե՞րբ նկարահանուած է այս խօսակցութիւնը։ Թուականի նշումի բացակայութեան եւ բովանդակութենէն մեկնելով ապրիլ 24-ի կամ ճանապարհային քարտէսի հրապարակման նախօրեակին կամ մօտաւորապէս այդ օրերուն  եղած  ենթադրեալ այս խօսակցութիւնը ինչո՞ւ այսքան ժամանակ ետք է, որ կը հրամցուի հանրութեան։ Եւ որովհետեւ կը խօսինք ժամանակի նշանակութեան մասին, ապա պէտք է մտածել որ տեսանիւթի յայտնաբերման օրերուն ի՞նչ դիպաշար կ՛արձանագրուէր հայկական քաղաքական թատերաբեմին վրայ։ Հիմնական երկու իրադրութիւն՝ Աստրախանի եռակողմ հանդիպումն ու ազրպէյճանական բանակաի հրադադարի խախտումներու սաստկացումը եւ ազրպէյճանցի դիպուկահարի պատճառած հայ զինուորին սպանութիւնը։
Միացեալ նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնատարի հետ շուրջ մէկ ու կէս տարի առաջ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը հրատարակելու գիւտը լաւ առիթ էր ուշադրութիւն շեղեցնելու, հայ-թուրք ուղղակի սառեցուած յարաբերութիւններու շրջածիրին մէջ ներհայկական նոր ճեղքեր յառաջացնելու։
Տակաւին չենք խօսիր տեսանիւթի վաւերականութեան կամ ներկայացուող անձերու իրողականութեան մասին։ Պարզապէս հարցնելու համար, թէ Միացեալ նահանգներու փոխնախագահը ինչո՞ւ մինչ այդ պաշտօնապէս որեւէ յայտարարութեամբ հանդէս չեկաւ ըսելու համար այն ինչ որ կ՛ըսէ տեսանիւթին մէջ։ Հայ քաղաքական գործիչի մը փոխանցուածը ի վերջոյ կարելի է նաեւ հարապարակաւ ըսել։
Տեսանիւթի վաւերականութեան հաստատման պարագային կարելի է մտածել անշուշտ Միացեալ Նահանգներու խուսափողական մօտեցումին մասին, պատասխանատուութիւնը հայկական կողմին վրայ բարդելու առումով։ Մինչ այդ սակայն նման կարեւոր խնդիրի պարագային առանց բովանդակութեան ստուգման լրատուութիւն տարածելը կը նպաստէ բացառապէս թրքական կողմի թելադրած խաղին։
Ասոր ապացոյցը այն էր, որ թրքական մամուլը չուշացաւ ցնծութեամբ նախանշելու, որ տեսնիւթի հաստատման պարագային լուրջ հարց պիտի ծագի հայկական դաշտին մէջ։ Բեմագրութիւնը կ՛ընթանար ծրագրուած ձեւով։ Տարածել լրատուութիւնը եւ ակնկալել հայկական երկփեղկուածութեան նախանշանները։ Հայկական մամուլի որոշ ներկայացուցիչներ տակաւին չէին հասկցած այս բոլորին շարժառիթները։ Կու տային «Հիւրիյէթ»ի  լուրը, առանց մեկնաբանութեան։
Նախագահի մամլոյ գրասենեակն էր, որ ժամեր ետք կը պարզաբանէր խնդիրը, ըսելու համար որ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը երբեք չէ հեռաձայնած ԱՄՆ փոխնախագահին, եւ թէ որեւէ ձեւով իրեն վերագրուող արտայայտութիւն չէ կատարծ, ո՛չ ուղղակի, ո՛չ ալ անուղղակի։ Աւելցնելով, որ նախագահի աշխատակազմը իր համաձայնութիւնը կու տայ փոխնախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ կատարուած հեռախօսազրոյցներուն սղագրութիւնն ու ձայնագրութիւնները հրապարակելու։
Հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուները այս յստակցումէն ետք պարտէին համացանցային ծառայութիւններու ճամբով տարածել այս հերքումն ու յստակացումը եւ ոչ թէ եություպի կասկածելի տեսանիւթը։ Մանաւանդ որ վերջին օրերուն բազմիցս արծարծուեցաւ եւ քննարկուեցաւ հակառակորդի ապատեղեկատուութեան ծուղակներուն չներքաշուելու եւ հետզհետէ ծաւալուող այս մարտահրաւէրը միասնաբար դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը։

 Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր

Այս խորագրի վերջին նյութերը