Աշխարհ

04.10.2010 13:20


Պատարագ և նամազ՝ հակակշիռ քայլեր

Պատարագ և նամազ՝ հակակշիռ քայլեր

Անիի մայր տաճարին մէջ իսլամական արարողութիւն կատարելը անշուշտ գրգռութիւն է, հոգեւոր արժէքներու ոտնակոխում, սրբապղծութիւն նոյնիսկ։ Պահ մը մնանք կրօնական դիտարկումներու համապարունակին մէջ ըսելու համար, որ թուրք ազգայնականներու կատարածը խորքին մէջ ուղղուած է ոչ միայն հայ քրիստոնեաներուն դէմ, այլ ընդհանրապէս քրիստոնեայ աշխարհին։
Անկախ այն իրողութենէն, որ հայկական կողմէն համարժէք բողոքի չարժանացաւ պատահածը, պէտք է հաստատել նաեւ քրիստոնեայ աշխարհին կրաւորականութիւնը երեւոյթին նկատմամբ։ Համեմատական եզրերը կրնան երեւութապէս շատ մօտ չըլլալ, այսուհանդերձ կարելի չէ չյիշել Քուրաանը այրելու սպառնալիքով աշխարհը զբաղցուցած ամերիկացի կրօնական մէկ դէմքին առնելիք քայլին դիմաց բարձրացած աղմուկը նախ անշուշտ իսլամկաան աշխարհէն, յետոյ նաեւ քրիստոնեայ հասարակութիւններէն եւ կրօնական կեդրոններէն։
Հայկական կողմը մնալով կրօնական դիտարկումներու սահմաններուն մէջ կրնար քայլ առնել՝ շարժելու համար քրիստոնեայ աշխարհը ի տես այս սրբաղպծութեան։ Յիշեցնելով, որ հայերը Երեւանի թէ Շուշիի մէջ մզկիթներ կը վերանորոգեն հայկական կրօնական կեդրոնները թէ հասարակական կազմակերպութիւները ընդգծելիք եւ պահանջելիք շատ կէտեր ունէին քրիստոնեայ աշխարհէն։ Եւ ոչ միայն քրիստոնեաներէն, այլ նաեւ իսլամներէն, անոնց ալ յիշեցնելու համար այս բոլորին առընթեր հայկական կրօնական կեդրոններուն ընդվզումն ու դատապարտանքը Քուրաան հրկիզելու սպառնալիքներուն դիմաց։  Միջին արեւելան իսլամ ազգաբնակչութիւններուն մօտ առաջադրելի քարոզչաքաղաքական գործողութիւն մը կրնար յանգեցնել իսլամ կարգ մը շրջանակներու առ նուազն անհամաձայնութեան՝ Անիի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած նամազին ուղղութեամբ։
Թոյլ տպաւորութիւն ձգեց նաեւ Թուրքիոյ սահմանամերձ  շրջանին հայկական ցոյց-աղօթք գործողութիւնը, որ յուզախառն զգացականութեան սահմաններէն անդին չանցաւ։ Փաստօրէն, գէթ մինչայժմ Անիի տաճարին մէջ կատարուածը չունեցաւ հայկական կողմէն համարժէք հակազդեցութիւն։
Փորձենք կատարել արձանագրուածին քաղաքական մեկնաբանութիւնը։ Անիի մէջ եղած նամազի լրատուութեան կը զուգորդուի Ախթամարի եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ տեղադրելու լուրը։ Ուրեմն կ՛արձանագրուի իրադրութիւններու հետեւեալ յաջորդականութիւնը։ Պատարագի արտօնութիւն առանց խաչի, ապա Խաչի տեղադրում, զուգահեռ՝ Անիի մէջ նամազի արարողութիւն։
Անշուշտ պատահակնութեան պէտք չէ վերագրել թրքական կողմէն առնուած քայլերու այս հաւասարակշռութեան խաղը։ Չմոռնանք, որ սահմանադրութեան բարեփոխում եւ Թուրքիոյ եւրոպականացում առաջադրած այսօրուան իշխանութիւնները իսլամական բնութագիրը կը կրեն եւ կրօնական թեմաները լիարժէք կ՛օգտագործեն քաղաքական առաւելներ ապահովելու համար։ Ներքին-արտաքին շահադիտական մօտեցումներու ընդհանոուր շրջածիրին մէջ պէտք է դիտարկել կիրարկուող թրքական խաղը եւ ըստ այնմ քաղաքական գնահատական տալ դիպաշարին։
Պատարագի արտօնութիւնը եթէ դժգոհ կը ձգէ իսլամ զանգուածը, պէտք է պատարագը թոյլ տալ անխաչ գմբէթով։  Եթէ Խաչի տեղադրումը այս անգամ դժգոհ կը ձգէ թուրք ազգայնականութիւնը պէտք է արտօնել եւ քաջալերեր Անիի մայր տաճարին մէջ նամազի արարողութիւնը։ Մինչ այդ Եւրոպային ըսել ,թէ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւնները կը վերանորոգեն հայկական եկեղեցի, կ՛արտօնեն պատարագ այնտեղ եւ նոյնիսկ խաչով կ՛օժտեն անոր գմբէթը. միւս կողմէ թուրք ազգայնականութիւնը կը համոզեն, որ պատարագի թոյլտուութիւնը անխաչ գմբէթի պայմանով է եւ թէ բացառապէս տարին մէկ անգամուան համար է այդ արտօնութիւնը. իսկ այդ օրէն բացի որեւէ օր բացառուած է այնտեղ աղօթք բարձրացնելը։Թէ՝ իշխանութիւններուն կողմէ արտօնելի է նաեւ հայկական եկեղեցիները իբրեւ մզկիթ օգտագործումը։ 
Այս բոլորին մէջ կարելի է  փորձ կատարել դրական մտորումներ զարգացնելու, եզրակացնելու համար, որ ի վերջոյ հայկական եկեղեցիներ վերանորոգելու շարքի մը կը ձեռնարկուի եւ թէկուզ տարին մէկ անգամուան համար պատարագ կը մատուցուի հայկական սրբավայրերու մէջ։ Չմոռնանք սակայն, որ վերանորոգումներն ու արտօնութիւնները հայկական կողմի նախաձեռնողականութեան հետ կապ չունին։ Խաղը կը շարունակուի բացառապէս թրքական կողմի ճշդած կանոններով, թէկուզ միջազգային ընտանիքի ենթադրեալ պարագայական ճնշումներուն տակ։Թերեւս աւելի ճիշդը՝ Թուրքիոյ կողմէ դէպի եւրոպական ընտանիք առնուած քայլերու նկատառումներով։
Կրօնական պիտակներու տակ գործընթացը՝ պատարագով թէ նամազով զուտ քարոզչաքաղաքական թիրախներ կը հետապնդէ։ Գործընթացը ճշդուած թիրախներէն շեղեցնելու նախաձեռնութիւներ առ այժմ տեսանելի չեն հայկական կողմէն։  Այլապէս, նամազին դիմաց, քրիստոնեայ աշխարհին մօտ ընդվզումի ալիքի բարձրացման նախանշաններ յառաջացնելու հայկական փորձեր  զգալի կը դառնային։

Շահան Գանտահարյան

«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր

Այս խորագրի վերջին նյութերը