Լրահոս

13.08.2009 10:49


Գերմանիայի հայոց առաջնորդ Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի նամակը ՀՀ նախագահին

ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ

Քէօլն, 23 Յուլիս 2009

ՀՀ Մեծարգոյ Նախագահ

Սերժ Սարգիսեան

Երեւան

Յարգելի Պարոն Նախագահ,

Վերջերս Ձեր կողմէ ներում շնորհուեցաւ կարգ մը քաղաքական բանտարկեալներու, որոնց ազատ արձակման դեպքը մեզ ուրախացուց, նկատելով, որ այս ձեւով ցոյց տրուած եղաւ, թէ ՀՀ պետութիւնը ուշադրութիւն կը դարձնէ եւ յարգանք ունի մարդկային իրաւունքներու միջազգային նորմերուն:

Ազատ ատձակուած բանտարկեալներու ի թուին սակայն ֆրանսական հպարտակութիւն ունեցող եւ շուրջ 1990 թուականէն ի վեր Հայաստան բնակող Սարգիս Հացպանեան անուն բանտարկեալը կը մնայ տակաւին ձերբակալուած:

Ենթակա անձնապես մեզի ծանօթ է ֆրանսա ապրած օրերէն ի վեր: Հետեւաբար անձնապես կը վկայենք, թէ ինք անկեղծօրէն հայրենասէր, իր երկրին կապուած, մարդասէր եւ Ղարաբաղեան պատերազմին ակտիւ մասնակցած մեկն է:

Կհաստատենք միեւնոյն ժամանակ, որ Սարգիս Հացպանեանի ընտանեկան պարագաները այս պահուն կ՛ապրին Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքը, ուր որ կը գտնուի հայոց եկեղեցւոյ Առաջնորդական կենդրոնը: Մենք այս հանգամանքով յաճախ Սարգիս Հացպանեանի ծնողներուն այցելելու առիթն ունենք, մանաւանդ ծանր հիւանդութեամբ տառապող եւ անկողնոյ ծառայող ծերունազարդ հայրը, որ ամեն այցելութեան ընթացքին կ՛արտայայտէ իր մտահոգութիւնը:

Մեծայարգ Նախագահ, ապաւինելով Ձերդ ազնուութեան մեծահոգութեան, այսու պիտի խնդրէի Սարգիս Հացպանեանի պարագան դարձնէիք ուշադրութեան առարկայ եւ իրեն ալ շնորհէիք ազատ արձակման ներում, որպէսզի ինք նաեւ առիթը ունենայ գոնե վերջին օրերուն այցելել հիւանդ հայրը եւ ստանալ անոր օրհնութիւնը:

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ, բարեհաճեցէք ընդունիլ իմ ամենալաւ մաղթանքները՝

ըրով մնամ յարգանօք

Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան
(ստորագրություն)
Առաջնորդ Հայոց գերմանիոյ

(Ճիշտ նույն բովանդակութամբ նամակներ են ուղարկվել ՀՀ Արդարադատության նախարար Գեւորգ Դանիելյանին եւ ՀՀ Հանրային խորհրդի նախագահ Վազգեն Մանուկյանին)

Այս խորագրի վերջին նյութերը