Մի քանի սիրիահայեր բաց նամակ են հղել լրատվամիջոցներին` նշելով, որ սիրիահայերն այս պահին չեն պատրաստվում լքել Սիրիան: Նամակը ներկայացնում ենք ստորև
«Հ.Հ. լրագրողներէն մէկը վերջերս այցելած է Հալէպ, վերադառնալէ ետք Երեւանի մէջ` կազմակերպած է մամլոյ ասուլիս մը եւ հաւակնութիւնն ունեցած է ընդհանրութիւններով արտահայտուիլ հալէպահայ համայնքին վերաբերող հարցերուն շուրջ: Լրագրողի կարծիքը, թէ սուրիահայերը «ազգային կոչուող համայնքի պատասխանատուներուն պատանդ են» եւ «այդ պատասխանատուները թոյլ չեն տար համայնքին բանական որոշումներու ճանապարհով ընթանալու». կամ անտեղեակութեան, կամ ալ սադրանք յառաջացնելու մտադրութեան արդիւնք է: Սուրիահայութեան համար ազնիւ չի կրնար համարուիլ այս ճակատագրական պահուն սեպ խրելու փորձը Հայաստանի, սուրիահայ համայնքի, սուրիահայերուն եւ սուրիահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն միջեւ:
Սուրիահայերու տրամադրութիւններուն մասին խօսած են` Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը, ՀՀ յատուկ յանձնարարութիւններով արտակարգ և լիազոր դեսպան` Լեւոն Սարգիսեանը, ՀՅԴ բիւրոյի ներկայացուցիչ` Հրանդ Մարգարեանը, որոնք բազմիցս նշած են, թէ սուրիահայութիւնը պատրաստակամութիւն չունի լքել Սուրիան: Անոնք այն անձնաւորութիւններէն են, որոնք քաջ ծանօթ են սուրիահայ համայնքին, եւ ոչ թէ քանի մը օր գիշերած են Հալէպ…
ՀՀ սփիւռքի նախարարուհիի դիրքորոշումը, որ կը ձեւաւորուի իր ամենօրեայ հեռախօսազրույցներէ, հանդիպումներէ, խորհրդակցութիւններէ ետք իրաւասու և պատասխանատու անձերու հետ, կ’արտայայտէ սուրիահայութեան մեծամասնութեան տրամադրութիւնները:
Մենք` խումբ մը հալէպահայ երիտասարդներ, գտնուելով Հայաստան, կրնանք հաստատել, որ կարելի չէ ընդհանրական հետեւութիւններ ընել` հիմնուելով քանի մը օրերու ընթացքին ձեռք բերուած «փորձառութեանց» վրայ: Սուրիոյ մէջ չկան հակահայկական տրամադրութիւններ, հայ համայնքին դէմ չկան ոտնձգութիւններ ու ներկայիս սուրիահայ համայնքը ունի իր միասնական -համակարգող մարմինը` երեք հոգեւոր առաջնորդարաններու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ; Սոյն մարմինը այս դժուարին պահին տէր կանգնած է համայնքին առնչուող բոլոր խնդիրներուն եւ կրնանք հպարտութեամբ նշել, որ սուրիահայ համայնքը առաւել քան երբեւիցէ միասնական է:
Արդ` ցաւալի ու ընդվզեցուցիչ կը համարենք, որեւէ անձի կողմէ սուրիահայ համայնքի անունով մեկնաբանութիւններու կատարումը կամ մեղադրանքներ շարադրելու փորձերը ընդէմ սուրիահայ համայնքի ղեկավարութեան, կուսակցութիւններուն կամ պաշտօնատար անձանց»:
Սիրիահայերը չեն պատրաստվում լքել Սիրիան

Սուրիահայեր՝
Վիգէն Պօզեաքալեան
Սարգիս Ադամեան
Հարութ Դոնոեան
Ալին Բանոեան
Մովսէս Հալաճեան
Շահան Ճեպեճեան
Նանար Էքմեքճեան
Ալին Գաբրիէլեան
Թալին Ճիվանեան
Կարէն Մուրատեան
Ասպետ Քասսիս