Լրահոս

14.08.2012 22:29


«Ասպարեզ»-ը 104 տարեկան է

«Ասպարեզ»-ը 104 տարեկան է

Այսօր «Ասպարէզ»ի տարեդարձն է: Թերթը դարձաւ 104 տարեկան: Այս երկարատեւութեան գաղտնիքը՝ թերթին ստանձնած առաքելութեան հանդէպ անոր յաջորդական անձնակազմերու յանձնառութեան ոգիին, հայ համայնքին ցուցաբերած հոգատարութեան ու գուրգուրանքին մէջ է:

Հաւանաբար ընթերցողները արդէն իսկ կը զգան, որ խմբագրութիւնը, թերթի պատասխանատուներու եւ բարեկամներու աջակցութեամբ՝ ձեռնարկած է շարք մը աշխատանքներու, որոնք բոլորը ուղղուած են թերթը ծանօթացնելու բազմահազար հայորդիներու՝ աշխարհագրական տարբեր շրջաններու մէջ, անշուշտ՝ գլխաւորաբար Քալիֆորնիոյ նահանգի սահմաններէն ներս:

Խմբագրութեանս թաքուն ցանկութիւնն է (ահա կոպիտ վրիպումով բացայայտուած) թերթը դարձնել այս շրջանի հայութեան հպարտութեան աղբիւրներէն մէկը, եւ փորձել այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծել, որ «Ասպարէզ»ի իւրաքանչիւր բաժանորդ ի՛նք դառնայ թերթը քարոզող, անոր համար նոր բաժանորդներ ապահովող, անոր մէջ ծանուցողները քաջալերող… մէկ խօսքով՝ թերթը ի՛րը համարէ:

Մեր ցանկութեան այս գաղտնազերծման հետ կ՛ուզենք իմանալ մեր ընթերցողներու ցանկութիւնները: Ներքին կազմակերպչական, վարչական նոր փուլ մը թեւակոխած ըլլալով՝ «Ասպարէզ» նոր ծրագիրներ մշակելու ընթացքի մէջ է, որոնց ամբողջացման համար կը դիմենք մեր բաժանորդներու, մեր աշխատակիցներու ներդրումին, առաջարկներուն, խորհուրդներուն: Կը խոստովանինք, որ առանց համայնքի բարոյական եւ նիւթական աջ«Ասպարէզ»-ը 104 տարեկան է

 

Այսօր «Ասպարէզ»ի տարեդարձն է: Թերթը դարձաւ 104 տարեկան: Այս երկարատեւութեան գաղտնիքը՝ թերթին ստանձնած առաքելութեան հանդէպ անոր յաջորդական անձնակազմերու յանձնառութեան ոգիին, հայ համայնքին ցուցաբերած հոգատարութեան ու գուրգուրանքին մէջ է:

Հաւանաբար ընթերցողները արդէն իսկ կը զգան, որ խմբագրութիւնը, թերթի պատասխանատուներու եւ բարեկամներու աջակցութեամբ՝ ձեռնարկած է շարք մը աշխատանքներու, որոնք բոլորը ուղղուած են թերթը ծանօթացնելու բազմահազար հայորդիներու՝ աշխարհագրական տարբեր շրջաններու մէջ, անշուշտ՝ գլխաւորաբար Քալիֆորնիոյ նահանգի սահմաններէն ներս:

Խմբագրութեանս թաքուն ցանկութիւնն է (ահա կոպիտ վրիպումով բացայայտուած) թերթը դարձնել այս շրջանի հայութեան հպարտութեան աղբիւրներէն մէկը, եւ փորձել այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծել, որ «Ասպարէզ»ի իւրաքանչիւր բաժանորդ ի՛նք դառնայ թերթը քարոզող, անոր համար նոր բաժանորդներ ապահովող, անոր մէջ ծանուցողները քաջալերող… մէկ խօսքով՝ թերթը ի՛րը համարէ:

Մեր ցանկութեան այս գաղտնազերծման հետ կ՛ուզենք իմանալ մեր ընթերցողներու ցանկութիւնները: Ներքին կազմակերպչական, վարչական նոր փուլ մը թեւակոխած ըլլալով՝ «Ասպարէզ» նոր ծրագիրներ մշակելու ընթացքի մէջ է, որոնց ամբողջացման համար կը դիմենք մեր բաժանորդներու, մեր աշխատակիցներու ներդրումին, առաջարկներուն, խորհուրդներուն: Կը խոստովանինք, որ առանց համայնքի բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան, առանց ընթերցող-խմբագրութիւն անմիջական հաղորդակցութեան՝ դժուար թէ կարենանք իրագործել մեր մշակած ծրագիրներու նոյնիսկ մէկ փոքր մասը: Յամենայնդէպս, մէկ բան յստակ է. նահանջել չկայ, չե՛նք կրնար նահանջել, եւ հետեւաբար՝ կը պարտինք ամէն գնով ապահովել «Ասպարէզ»ի կենսունակութիւնը պահպանելու միջոցներ, մեր համայնքի ու ընդհանրապէս հայկական իրականութեան մէջ անոր տիրական ներկայութեան երաշխիքներ: Կը սպասենք ձեր «նուէր»ին:

Աբո Պողիկեանակցութեան, առանց ընթերցող-խմբագրութիւն անմիջական հաղորդակցութեան՝ դժուար թէ կարենանք իրագործել մեր մշակած ծրագիրներու նոյնիսկ մէկ փոքր մասը: Յամենայնդէպս, մէկ բան յստակ է. նահանջել չկայ, չե՛նք կրնար նահանջել, եւ հետեւաբար՝ կը պարտինք ամէն գնով ապահովել «Ասպարէզ»ի կենսունակութիւնը պահպանելու միջոցներ, մեր համայնքի ու ընդհանրապէս հայկական իրականութեան մէջ անոր տիրական ներկայութեան երաշխիքներ: Կը սպասենք ձեր «նուէր»ին:

Աբո Պողիկեան

Այս խորագրի վերջին նյութերը