Կասկած չկայ, թէ հայկական իրականութիւնը եւ մանաւանդ հայ քաղաքական միտքը այս օրերուն կը գտնուի նոր մարտահրաւէրի մը դիմաց: Այդ ալ Սուրիոյ մէջ ու անոր շուրջ ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ սուրիահայութեան կացութիւնն է:
Այս յօդուածին նպատակը չէ վերլուծել սուրիոյ դէմ հրահրուող պատերազմին ինչուները կամ ինչպէսները: Այլ՝ անդրադառնալ սուրիահայութեան մասին մամուլին մէջ երեւցած յօդուածով մը արտայայտուած անընդունելի տեսակէտներու:
Հարցը կը վերաբերի Երեւան լոյս տեսնող «Լրագիր» թերթի կայքէջին մէջ Յուլիս 26ին լոյս տեսած յօդուածի մը՝ «Մոսկուային սիրիահայերին «մի՞սն» է պէտք» խորագրով՝ Յակոբ Բադալեան ստորագրութեամբ:
Յստակ է, թէ ստեղծուած կացութիւնը աննախընթաց է ոչ միայն Սուրիոյ, իբրեւ երկիր ու պետութիւն, այլ նաեւ սուրիահայութեան համար: Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայութեան համար ծանր խնդիր կայ: Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել:
Ըստ վերոնշեալ թերթի յօդուածագրին, ուրեմն, եւ առաջին իսկ պարբերութեամբ, ռուս փորձագէտներ կը ձգտին Հայաստանին պարտադրել, որ «խստացնի իր դիրքորոշումը սիրիական հարցում եւ կտրուկ հանդէս գայ այդ երկրում որեւէ ռազմական միջամտութեան դէմ»: Իսկ հիմա, ռուս պաշտօնական դէմքեր Երեւան կÿայցելեն, փորձելով Հայաստանը վերածել «Արեւմուտքի դարպասն ուղարկուած գնդակի»: Իսկ պաշտօնական երեւանը, կը շարունակէ յօդուածագիրը, կը դիմադրէ, հասկնալով, որ պէտք է սուրիահայութեան օգնել, «անհրաժեշտութեան դէպքում Հայաստան ներգաղթն արդիւնաւէտ ծաւալելու համար»: Իսկ ռուսական ծրագիրները, միշտ ըստ Բադալեանի, «ըստ երեւոյթին» տարբեր են եւ «միգուցէ» այդ ծրագրին մէջ կը մտնէ ոչ թէ ներգաղթը, «այլ դրան հնարաւորինս արդիւնաւէտ խոչընդոտելը…»: Այս ձեւով, Մոսկուա կը փորձէ իրեն համար խաղաքարտի վերածել սուրիահայութիւնը, եւ այս նպատակին համար ալ, կը փորձէ ճնշում բանեցնել Երեւանի վրայ:
Անձնապէս մենք տեղեակ չենք, թէ ռուս դիւանագէտները իրենց Երեւան կատարած այցելութիւններուն ընթացքին ի՞նչ առաջարկներ բերած են: Սակայն լրջօրէն կը կասկածինք, որ անոնք Հայաստանին փորձեն պարտադրել, որ «պէտք է խստացնի իր դիրքերը սիրիական հարցում…» եւայլն: Որովհետեւ, բոլորին համար յստակ է, թէ Հայաստանի քաղաքական-դիւանագիտական կշիռը գրեթէ չնչին է նման տարողութեամբ միջազգային տագնապի մը մէջ հաշուի առնուելու համար: Այսքանը հասկնալու համար, չենք կարծեր որ հրթիռային մասնագէտ ըլլալը պայման է, ինչպէս կÿըսէ ամերիկեան առածը:
Ըստ յօդուածագիր Բադալեանի. «Թւում է, որ երբ երկրում լուրջ պատերազմ է եւ կայ մարդկանց կեանքին անմիջականօրէն սպառնալու վտանգ, խնդիրը պէտք է լինի մարդկանց պատերազմի գօտուց հնարաւորինս հեռացնելը, առնուազն մինչեւ պատերազմի աւարտն ու կայունութեան հաստատումը: Էլ չասած այն մասին, որ սիրիահայ համայնքը ունի պետութիւն-հայրենիք, որտեղ կարող է ոչ միայն պաշտպանուել, այն նաեւ գալ ու շտկել ժողովրդագրական վիճակը:
«Բայց չգիտես ինչու եւ ինչպէս, հրապարակ է բերւում սիրիահայերին Սիրիայում պահելու մի գաղափար, որի շարունակութիւնը կարծես թէ լինելու է այն, որ քրիստոնեայ հայ համայնքն էլ Սիրիայում է (sic) ինչ որ մէկի համար վերածուելու է խաղի գնդակի, կամ պատանդի»:
Պարոն Բադալեան կը մոռնայ, որ սուրիահայութիւնը հայ ժողովուրդին մէկ մասն է, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքով հասած է Սուրիա, վայելած է այդ երկրին ու ժողովուրդին բարեացակամութիւնը՝ միաժամանակ յարգելով նաեւ իրեն բաժին ինկած պարտաւորութիւնները:
Սուրիահայութիւնը գնչու չէ: Անգլուխ, անտէր-անտիրական ամբոխ չէ: Ոչ ալ անապատի պետեւի, որ սիրտը ուզած ատեն քակէ վրանը, երթայ ուրիշ վայր մը ու հոն լարէ զայն: Սուրիահայութիւնը համախումբ ապրող, հայկական ազգային նկարագիրը պահած-պահպանած, արժէքային իւրայատուկ համակարգ ստեղծած համայնք է, որ ունի նաեւ իր ազգային բազմատեսակ հաստատութիւնները՝ համապատասխան ղեկավար մարմիններով: Այս ղեկավար մարմինները շատ լաւ գիտեն, թէ նման տագնապալի կացութիւններու մէջ, խուճապն է մեր ամենամեծ թշնամին: Հետեւաբար, պէտք է առաւելագոյնս կազմակերպուիլ՝ նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար: Մէկ խօսքով, սուրիահայութիւնը հայկական ընդհանուր ռազմավարական արժէքային համակարգի բաղադրամասերէն է եւ այս ներքին տրամաբանութեան վրայ խարսխուած է նաեւ զայն յաւելեալ կազմակերպուածութեամբ օժտելու գաղափարը:
Իսկ թէ Բադալեանի մատնանշած ռուս «փորձագէտները» կամ քաղաքական դէմքերը ինչ կը մտածեն սուրիահայութեան մասին, շատ ալ հետաքրքրական չէ մեզի համար: Վերջ:
Առաւելագոյնս կազմակերպուելու անհրաժեշտութեան կը վերաբերէր նաեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հարցազրոյցը, տրուած Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին, մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ:
Իսկ սուրիահայութեան այս ճիգերուն նկատմամբ, հայ ժողովուրդի մնացեալ հատուածներուն կÿիյնայ կարելի բոլոր միջոցներով օգնել: Այս տրամաբանութեամբ ալ, Հայաստանի պետութիւնը պարտի միջոցներ ձեռք առնել: Սփիւռքի բոլոր համայնքները, իրենց կարգին, պարտին միջոցներ ձեռք առնել, որպէսզի օգտակար հանդիսանան սուրիահայութեան:
Հոս է նաեւ, որ կÿընդգծուի հայ մամուլին ու հայ լրագրողին ազգային առաքելութիւնը: Հայ մամուլը, Հայաստան թէ Սփիւռք, քաղաքական հասունութիւն պէտք է ցուցաբերէ նախ խուճապային-ամբոխային տրամաբանութիւն չարտօնելու վարքագիծ եւ ապա՝ հայ հանրութեան մօտ զարգացնէ տրամադրութիւն՝ տագնապը դիմագրաւելու նպատակով սուրիահայութեան թեւ-թիկունք կանգնելու համար:
Անձնապէս միայն կը զարմամանք, թէ համահայկական շահերուն առնչուող խնդրի մը կապակցաբար, հայ լրագրող մը ինչպէ՞ս կրնայ հարցերը վերլուծել՝ մեկնելով արտաքին քաղաքական կողմի մը համակրելու կամ հակակրելու տրամաբանութենէն: Ի վերջոյ նոյն այդ լրագրողը պէտք է գիտնայ, թէ լռութիւնը ե՞րբ ոսկի է:
Ի վերջո պետք է գիտնալ՝ լռությունը ե՞րբ է ոսկի

Վաչե Բրուտեան