Լրահոս

13.05.2009 18:39


Ռամկավար Ազատական կուսակցության 25–րդ համագումարը (մամլո հաղորդագրություն)

Ռամկավար Ազատական կուսակցության 25–րդ համագումարը (մամլո հաղորդագրություն)

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԻԵ (25-ՐԴ) ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ԲԱՑԱՌԻԿ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ԻԵ (25-րդ) Ընդհանուր Պատգամաւորական  Ժողովը  կայացաւ  Ամմանի մէջ (Յորդանան), Մայիս 7, 8 եւ 9, 2009,  տեղւոյն  Ազգային  Մարմնամարզական  Միության սրահին  մէջ:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ԻԵ. Ընդհ. Պատգամաւորական Ժողովին

մասնակցող պատգամաւորներու  խմբանկարը

Պատմականօրէն յատկանշական այս ժողովին իրենց պաշտօնական մասնակցութիւնը բերին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աշխարհասփիւռ 15 (տասնըհինգ) շրջանականեր, իրենց 33 լիազօր պատգամաւորականներով:

Պատգամաւորական Ժողովի բացումէն ամիջապէս ետք, ժողովականները խանդավառութեամբ ունկնդրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնի գիրը, յատկապէս յղուած այս առիթով, ուր Պրն Սարգսեան կը յայտնէր իր անվերապահ համարումը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հանդէպ, քաջատեղեակ ըլլալով անոր ունեցած բազմամեայ ազգանուէր, հպարտառիթ պատմութեանն ու գործունէութիւններուն, Պատգամաւորական Ժողովի աշխատանքներուն կը մաղթէր ամբողջական յաջողութիւն, յայտնելով նաեւ իր համոզումը թէ ՌԱԿ-ը վերանորոգ վճռականութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով պիտի շարունակէ ազգային իր առաքելութիւնը:

Ոգեւորութիւն պատճառեց նաեւ Պրն. Գագիկ Ծառուկեանի յատուկ կերպով Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին ուղարկած ողջոյնի գիրը, ուր Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահը, իր գլխաւորած կուսակցութեան եւ իր անունով, յաջողութիւն մաղթելէ ետք Պատգամաւորական Ժողովի աշխատանքներուն, կը յայտնէր իր ջերմ փափաքն ու պատրաստակամութիւնը անսահմանափակ համագործակցութեան ի խնդիր հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու հետապնդման:

Ժողովի բոլոր նիստերը ընթացան կատարելապէս հեզասահ կերպով, կարգապահօրէն եւ կատարեալ կանոնական եղանակով:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը յուզող ազգային, հայրենական եւ քաղաքական այլ հարցերու կարգին, մասնաւորապէս քննարկուեցան մեր անժամանցելի Դատին ու պահանջատիրութեան, ինչպէս նաեւ Արցախեան հիմնահարցերը:

Վերասահմանելով կուսակցութեանս բացարձակապէս անզիջող կեցուածքը խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ազգային այս գերխնդիրներուն առնչութեամբ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ԻԵ. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, այս կապակցութեամբ վերահաստատեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարունակական իր վճռակամութիւնը եւ նուիրուածութիւնը:

Յետ սպառիչ բոլոր քննարկումներուն, Պատգամաւորական Ժողովը, քուէներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընտրեց Կեդրոնական նոր Վարչութիւն գլխաւորութեամբ դարձեալ ընկ. Մայք Խարապեանի:

Պատգամաւորական Ժողովի կարեւորագույն որոշումն էր կուսակցությունը հայաստանակենտրոն դարձնելը, որի արդյունքում ՀՌԱԿ-ի երկու ներկայացուցիչներ՝ ՀՌԱԿ ատենապետ Հարություն Առաքելյանը եւ Կարեն Կակոյանը մաս կազմեցին աշխարհասփյուռ ՌԱԿ Կենտրոնական Վարչությանը:

 Ընկեր Առաքելյանը ստանձնեց ՌԱԿ փոխատենապետի պաշտոնը, իսկ ընկեր Կակոյանին վստահվեց խորհրդակցական-ներկայացուչական մարմին ստեղծելու գործընթացը, որին պետք է մաս կազմեն ներկայացուցիչներ բոլոր շրջանակներից:

 ՀՌԱԿ լրատվական  ծառայություն

Այս խորագրի վերջին նյութերը