Քաղաքական

28.07.2022 19:38


Ապազգային իշխանութեան ներկայացուցիչը գործ չ՚ունի սփիւռքի որեւէ գաղութի մէջ, մանաւանդ Կիպրոսի մէջ. հայտարարություն

Ապազգային իշխանութեան ներկայացուցիչը գործ չ՚ունի սփիւռքի որեւէ գաղութի մէջ, մանաւանդ Կիպրոսի մէջ. հայտարարություն

Յայտարարութիւն,

Այս վերջին քանի մը օրերու ընթացքին, Կիպրոսի Կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած եւ Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցող Սփիւռքեան Համաժողովին, Զարեհ Սինանեանի մասնակցութիւնը անտեղի եւ անյարիր կը նկատենք ե՛ւ նոյնիսկ հակասական: Ի՞նչու։

Սոյն հանդիպումին միտք բանին, սփիւռքեան քաղաքական բեմին վրայ ազդեցութիւն ունեցող անձնաւորութիւնները ի մի բերելով, հիմնական օրակարգի մը շուրջ քննարկել ու եզրակացնելն է, թէ ի՞նչպէս կարելի է համադրել Կիպրական հարցի զանազան ոլորտները, զօրավիգ կանգնիլ երկրի ամբողջականութեան եւ վերամիացման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ հակազդել թրքական ծաւալապաշտութեան դէմ:

Կարիք չկայ անդրադառնալու ազերիաթրքական համագործակցութեան եւ այդ ճակատին հաճոյակատար երեւնալու ներկայ իշխանութեանց շարք մը վտանգաւոր ու հիմնական սխալներուն մասին, որոնց աներկբայ ծանօթ են թէ՛ Հայաստանի բնակչութեան ստուար մասը եւ թէ արտերկրի գաղութները ի սփիւռս աշխարհի։ Փաստ՝ Արցախի Հանրապետութեան մեծ մասին յանձնումը թշնամիին՝ իր ծանր ու անդառնալի հետեւանքներով։

Առաւել եւս «Հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային պահանջէն» մտքին սատարող, թշնամիին առջեւ ծունկի եկած եւ ապազգային իշխանութեան ներկայացուցիչը գործ չ՚ունի սփիւռքի որեւէ գաղութի մէջ, մանաւանդ Կիպրոսի մէջ, ուր մերժուած եւ անցանկալի է իր եւ իր նմաններու ներկայութիւնը բոլորիս ծանօթ հակահայ եւ թրքանպաստ քաղաքականութեան պատճառով։

Սփիւռքահայ գաղութները պառակտել փորձող, կառոյցներուն հանդէպ անլուրջ վերաբերմունք ցուցաբերող, սփիւռքահայ քաղաքական գործիչներու Հայաստան մուտքը արգիլող վարչապետի յանձնակատարը՝ Կիպրոսի մէջ ու այսպիսի համաժողովի մը մասնակցելու իրաւունքն իսկ պէտք չէ ունենայ:

Մնաս բարով անվերադարձ՝ Սինանեան։

ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէ

28 Յուլիս 2022

Այս խորագրի վերջին նյութերը