Լրահոս

03.07.2021 13:10


Արամ Ա Կաթողիկոսը գերիների հարցով դիմել է Հռոմի պապին

Արամ Ա Կաթողիկոսը գերիների հարցով դիմել է Հռոմի պապին
Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովի ընթացքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յարմար առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին հետ առանձին անդրադարձաւ Արցախի պատերազմի հետեւանքներուն եւ յատկապէս ցարդ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ գերիներու վերադարձի հարցին: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններուն դէմ է պատերազմի գերիներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի ցուցաբերած հակաօրինական մօտեցումը: Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին, որ անդրադարձած էր գերիներու հարցին եւ խնդրեց, որ յարմար առիթով դարձեալ անդրադառնայ մեր ժողովուրդը յուզող յիշեալ հարցին՝ օգտակար հանդիսանալով գերիներու շուտափոյթ վերադարձին: Հայրապետը նոյն հարցին շուրջ նաեւ խօսեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար Քարտինալ Փարոլինին հետ:
Գերիներու վերադարձի հարցի գծով իր ունեցած վերոյիշեալ հանդիպումմերուն մասին Վեհափառ Հայրապետը մանրամասնութիւններ փոխանցեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեանին։

Այս խորագրի վերջին նյութերը