Կարծիք

16.11.2010 10:23


Լիբանանյան թեժ մթնոլորտում Էրդողանը գալիս է Բեյրութ. սթափ մնալու բոլոր պատճառներն ունենք

Լիբանանյան թեժ մթնոլորտում Էրդողանը գալիս է Բեյրութ. սթափ մնալու բոլոր պատճառներն ունենք

Սեւ ամպերը չեն փարատիր Լիբանանի քաղաքական երկնամակարէն։ Թղթածրարներու քննութեան կառավարական յետաձգումները դէպի յաւելեալ անորոշութիւն կ՛առաջնորդեն ոչ միայն պետական հաստատութիւնները կամ քաղաքական դաշտը այլ ընդհանրապէս լիբանանեան հասարակութիւնը։
Մինչ Միացեալ նահանգներ միջազգային ընտանիքի բանբերի ինքնակոչ ստանձնումով կ՛որդեգրեն կարծր հռետորաբանութիւն՝ միջազգային դատարանի ամբաստանութիւններն ու անոնց կապուած որոշումները ամէն գնով գործադրել տալու։ Այս մօտեցումը ինքնին աւելիով կը համոզէ իրադրութիւններուն հետեւողը, որ դատական ատեանին կապուած բոլոր գործառոյթները գերքաղաքականացուած  ընդգծումներով կը կիրարկուին։ Այլապէս, խնդիրը, եթէ իրաւադատական հիմունքներ ունի, նախ որեւէ գերտէրութեան արտաքին գործոց նախարարութեան օրակարգը դառնալէ, պէտք է շարունակէ մնալ դատարանի սահմաններուն մէջ։
Արեւմտեան լրատուամիջոցներէն մինչեւ Ուաշինկթընի քաղաքական կեդրոններ մօտէն քայլ կը պահեն դատական այս գործընթացին հետ եւ յայտարարութիւններով, կամ հետագայ որոշումներուն գործադրելիութեան մասին բացարձակ հաստատումներ կատարելով քաղաքական պարունակի մէջ կը շարունակեն պահել խնդիրը։
Դժուար է տարհամոզելը այլեւս, որ շրջանային թէ միջազգային հանգոյցներու լուծման կամ այս պարագային աւելի բարդացման համար կռուադաշտը կը շարունակէ մնալ Լիբանանի քաղաքական հրապարակը, որ բաց է բոլոր այն ուժերուն համար, որոնք մրցակից են, ազդեցութեան գօտիի ընդարձակման համար կը պայքարին, շրջանին մէջ ուժի գերակայութիւն փաստելու համար նախաձեռնութիւններ կ՛ուզեն առնել։
Լիբանանեան քաղաքական հրապարակէն կամ ընտրուած այս կռուադաշտէն դուրս, քաղաքական պարանաձգութիւնները զուտ յայտարարողական եւ սպառնալիքներու սահմաններուն մէջ են։ Այստեղ է դժբախտաբար, որ կը լուծուին հարցերը, յաճախ ալ բախումնային արարներով, վիրաւորներով, զոհերով կամ հիմնական ցնցումներով։ Այստեղ է ամէնէն շատ, որ կ՛ազդուին համայնքները, շատ արագ կը բեւեռացուի ոչ միայն քաղաքական այլ ընդհանրապէս հասարակական դաշտը եւ լարուած իրավիճակը կը խոչընդոտէ քաղաքացիներուն բնականոն կեանքը։
Քաղաքականին հետեւող տնտեսական տագնապը եւ անոր կցորդուած ընկերային խնդիրները բարոյահոգեբանական առումով կ՛ընկճեն քաղաքացին, որ ակընդէտ կը սպասէ կառավարութեան նիստին, միջազգային դատարանի կառոյցներէն գալիք յայտարարութիւններուն, իր համայնքի ղեկավարութեան արտասանած խօսքին, մամուլի կատարած կանխատեսումներուն եւ կը փորձէ յուսադրուիլ, հերթական անգամ ինքնամխիթարուելով , որ տագնապի վերջին հանգրուանն է որ կը բոլորէ երկիրը։
Տարատեսակ կարծիք չկայ այն իրողութեան մասին, որ այստեղ արձանագրուող իրադրութիւնները արտաքին ներշնչումներ ունին, շրջանային ու միջազգային են շեշտակիօրէն, որոնց լուծումը հեռու կը թուի ըլլալ տեղական կայռոցներէն ու ուժերէն։ Այնքան նուիրականացած է այս տեսակէտն ու իրողութիւնը, որ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան ներկայացուցիչները չեն վարանիր այս հաստատումը կատարելու եւ հարցերուլուծցումը շրջանային այլ ուժերէ կախեալ տեսնելու։
Այս բոլորին մէջ անշուշտ հերթական անգամ երբեմն լուռ, երբեմն բարձրաձայն կը յուշուի այն վարաքագիծի համալիբանանեան տարողութեամբ որդեգրումը, որ լիբանանահայութեանը եղաւ տասնամեակներէ ի վեր, որ հարցերուն բացառապէս քաղաքաան լուծում բերելու անհրաժեշտութիւնը գերադասեց որեւէ այլ ընտրանքէ, որ մերժեց արտաքին ներշնչումներէ թելադրուելով ներքաշուիլ քաղաքացիական ընդհարումներու, որ էապէս հաւատաց միջհամանքային արդար համակեցութեան։
Շրջանային-միջազգային շահագրգռվածությունների ներկա այս փուլում, Լիբանանը նախապատրաստվում է շուտով ընդունելու Թուպրքիայի վարչապետի ուշացած, հետաձգված եւ քաշքշված այցելությունը։ Զգօնութիւնը, որ կ՛ակնկալուի ոչ միայն հայկական համայնքէն այլ բոլոր լիբանանեան կողմերէն եւ հասարակութենէն հիմնուած է նոր օսմանականութեան վերականգնման առաջադրանքին տակ տագնապի այս օրերուն բանալի դերակատարութիւն վերցնելու փափաքը չպահած Թուրքիոյ շարժումներուն նկատմամբ։ Հակաիսրայէլեան արարներ բեմադրած Թուրքիոյ, որ ո՛չ խզեց իր դիւանագիտական կապերը, իր ռազմավարական յատուկ գործընկերէն, ո՛չ ալ վերատեսութեան ենթարկեց այդ դաշինքը։
Արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ կարճաժամկէտ համակրանք ու զօրակցութիւն վայելած Թուրքիան վաղուց ծրագրած իր վարչապետին այեցլութիւնը փաստօրէն յետաձգեց շրջանային այլ անշրջանցելի ուժի մը՝ Իրանի նախագահին այցելութենէն ետք։ Այն հրապարակումները, որոնք կը խօսէին օրին Էրտողանի նկատմամբ դրսեւորուելիք համալիբանանեան զօրակցութեան, արձանագրուեցան յօգուտ Իրանի նախագահին։
Այս պահի դրութեամբ նախադրեալները կը յուշեն, որ շատ աւելի զուսպ պետական դիմաւորութեան սահմաններուն մէջ պէտք է մնայ Թուրքիոյ վարչապետին այցելութիւնը։ Այս չի նշանակեր անշուտ, որ նոր օսմանականութեան վերականգնման ծրագիրը դադար պիտի առնէ։ Բարեսիրական, մարդասիրական, կրթական եւ բժշկական տարազներուն տակ, թափանցումի հսկայական քաղաքականութիւն մըն է,որ կ՛իրականացուի պաշտօնական Անգարային կողմէ։ Սթափ մնալու բոլոր պատճառները ունինք։ Ոչ միայն լիբանանահայերս, այլ նաեւ՝ ամբողջ լիբանանցի ժողովուրդը։

       Շահան Գանտահարեան
       «
Ազդակ»-ի  գլխաւոր խմբագիր

Այս խորագրի վերջին նյութերը