Կարծիք

06.11.2010 09:35


Ճիշտ Ճանապարհը ցույց տվող քարտեզ

Ճիշտ Ճանապարհը ցույց տվող քարտեզ

ՄԱԿ 65-րդ գլխաւոր համագումարը կը շարունակէ իր աշխատանքները։ Պէտք չէ զարմանալ, որ Ազրպէյճանի կողմէ ՄԱԿ համագումարին ներկայացուելիք հակահայ բանաձեւը ի սպառ կը բացակայի ՄԱԿի օրակարգէն։ Չմոռնանք, որ մետասաներորդ պահուն նախորդ նիստերէն յետս կոչուած բանաձեւի նախագիծի վերադարձին մասին որեւէ յստակ ժամկէտ չկար։ Բացատրութիւնները այդ երեւոյթին թէեւ կեդրոնացան ԵԱՀԿի հետ ՄԱԿի պատուիարկութեան համատեղ իրականացնելի դիտարկումներուն որոշումին վրայ, այսուհանդերձ մեկնաբանութիւնները ռուսական գործօնի դերակատարութեան մասին կը խօսէին։
Աստրախանը որոշ չափով հաստատեց այդ մեկնաբանութիւններուն իրատեսականութիւնը։ Թէկուզ մարդասիրական բնոյթի որոշումով, Աստրախանը հանդիսացաւ այն եզակի հանդիպումներէն, ուր շօշափելի որշում կայացաւ։ Անտես կարելի չէ ընել նաեւ այն փաստը, որ ռազմագերիներու եւ աճիւններու փոխանակման որոշումին յաջորդող օրերուն նկատառելի արագութեամբ արդէն Ազրպէյճանը ստանձնած է իր քաղաքացին, իսկ Հայաստանը ստանձնած է իր քաղաքացիին դիակը։
Վերլուծական կեդրոններու թէ քաղաքագէտներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած է Ասթանայի մէջ համաձայնելի Ղարաբաղի հարցին լուծման համար ճանապարհային քարտէս մը։ Մինչ ուրիշներ կը շարունակեն շեշտել, որ Ասթանան բեկումնային պահ չի կրնար ապահովել հակամարտութեան լուծման։
Վերադառնանք Նիւ Եորք, ՄԱԿի ժողովասրահ, տեսնելու համար, որ այնտեղ ոչ միայն խօսակցութիւն չկայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան կամ հակահայ բանաձեւի նախագիծին մասին, այլ քննարկման թեմայ է ազգային ինքնորոշման իրաւունքը։ Հայկական կողմը դիւանագիտական առաւելներ ձեռք կը ձգէ այսպիսով, յանձինս ՄԱԿի մօտ իր ներկայացուցիչին, որ աշխուժ ելոյթներ կ՛ունենայ ՄԱԿի ամպիոններէն այդ ուղղութեամբ։
 ՄԱԿի այս նստաշրջանը հայկական կողմին համար կը յատկանշուի, ուրեմն միջազգային իրաւունքի այս կարեւոր սկզբունքի վերարծարծման, վերաքննարկման կարեւոր քայլով, որ կ՛արձանագրուի անշուշտ ի հակակշիռ Ազրպէյճանի նկրտումներուն՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի շրջածիրին մէջ արցախեան հարցի նկատմամբ միջազգային ընտանիքը ապակողմնորոշելու։  Դիւանագիտական ճիշդ ձեւակերպումով շեշտուած է ՄԱԿի երաշխաւորութեան անհրաժեշտութիւնը միջազգային իրաւունքի այս սկզբունքը իրականցնելու ուղղութեամբ, որ իր կարգին հիմնական կանխարգելիչ գործօն է ջարդերու եւ պատերազմներու։
 ՄԱԿի այս նստաշրջանը կը տեղաւորուի Աստրախանէն ետք եւ Ասթանայէն առաջ ժամանակահատուածին մէջ։ Ռուսական գործօնի գերակայութեան փաստը վերյիշեցման կարգով անհրաժեշտ է մտածելու համար, որ խորքին մէջ ինչո՞ւ չետաձգուեցաւ հակահայ բանաձեւի նախագիծին օրակարգ գալը։ Շարունակելով տրամաբանութիւնը՝ թէ ինչո՞ւ տարածքային ամբողջականութիւնը այսօր տեղի կու տայ միջազգային իրաւունքի հիմնարար այլ սկզբունքի մը առջեւ։
 Միացեալ նահանգներէն ետք Թուրքիան եւ ապա պաշտօնական Պաքուն ողջունեցին Աստրախանը։ Ադրբջանը քայլ մը առաջ անցնելով' իր արտաքին գործոց նախարարին բերնով կը յայտարարէ, թէ Ասթանան նոր շրջադարձ պիտի արձանագրէ բանակցային գործընթացին մէջ։ Բազմակողմանի այս ողջունումներուն եւ ժամանակէն առաջ կատարուող լաւատեսական այս յայտարարութիւններու մթնոլորտին մէջ ճիշդ ի՞նչ կը պատահի, տակաւին կանխահաս է եզրակացնելը։
Ճանապարհային քարտէս կրնայ ուրուագծուիլ միայն Արցախի ժողովուրդին կամքին վրայ հիմնուած կողմնացոյցերով։ ՄԱԿի մէջ բարձրաձայնուած ինքնորոշման իրաւունքի յարգումի  ընգծումը այդ բացարձակ անհրաժեշտութեան յուշումն է։Առանց այդ կամքի արտայայտութեան նկատառման եւ օրինականացման բեկումնային պահ ակնկալելը, շրջադարձ տեսնելը կամ ճանապարհային քարտէս գծելու յաւակնութիւն ունենալը պատրանք է պարզապէս։
Ճիշդ ճանապարհը ցոյց տուող քարտէսը արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին հիման վրայ հիմնուած է, ինչպէս ՄԱԿի ժողովին յայտարարած է Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցիչը։

Շահան Գանտահարեան

«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր

Այս խորագրի վերջին նյութերը