Կարծիք

25.10.2010 12:06


Մամուլի հավաստիության մասին

Մամուլի հավաստիության մասին

Հայրենի լրատուամիջոցներէն շատեր վարքագծային հետեւողականութեամբ կը շարունակեն ծայրայեղօրէն քաղաքականցնել իւրաքանչիւր իրադրութիւն։ Մեկնաբանութիւնները իւրաքանչիւր պատահարի գերքաղաքական են եւ ընդգծուած ձեւով միայն բացասական երանգներ կը հաղորդեն Հայաստանի արտաքին թէ ներքին քաղաքական դաշտերուն վրայ արձանագրուող դիպաշարերուն։
Առարկայական լրատուութիւնը տեղը զիջած է սուր քարոզչութեան կամ հակաքարոզչութեան։ Եւ եթէ տուեալ քարոզչամիջոցը կովկասեան Զուիցերիա կ՛ուզէ ներկայացնել մեր երկիրը, ապա շատ շատեր միայն մութ գոյնի ակնոցներով կ՛ուզեն դիտել իւրաքխանչիւր իրադրութիւն։
Ընդդիմադիր լրատուադաշտի նկատառելի թիւով ներկայացուցիչներ ցնծութիւն ապրելու տպաւորութիւնը կը ձգէին, երբ միջազգաին ատեաններու մէջ հակահայ բանաձեւեր կ՛որդեգրուէին։ Եւ տրուած ըլլալով, որ դեղատոմսեր չէին առաջարկուեր, այլ միայն կը հարուածուէր պետութեան արտաքին քաղաքականութեան վարչակառավարման դրութիւնը , համոզիչ կը դառնար որ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն մրցապայքարին մէջ պարզապէս առաւելներ շահելու պահի օգտագործում էր եղածը։ Ի հարկ է, նկատառելի թուոլութիւն կար Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան գործունէութեան, հարցերուն հետեւելու, հակազդելու եւ նախաձեռնելու ուղղութիւններուն մէջ։ Առարկայական գնահատականի փորձը սակայն այս բացթողումներին կողքին պիտի տեսնէր նաեւ հակառակորդին արտակարգ աշխուժացումը եւ անոր առընթեր միջազգային քաղաքականութեան համապատասխան ենթահողի ձեւաւորումը։ Երկրորդ բաժինը չտեսնելը եւ մանաւանդ դեղատոմս չառաջարկելը՝ արտաքին հակառակորդի դիւանագիտական-քաղաքական մարտահրաւէրներուն դիմաց համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը ընդգծելով, կը մատնէ արդէն սեւացրէքեան վարքագիծի շարժառիթները։Ի վերջոյ արձանագրուածը հարուած է պետութեան եւ ոչ թէ սոսկ իշխանութիւններուն։
Անցնինք ներքին ոլորտ։ Միացեալ նահանգներու մէջ վերջերս բացայայտուած նիւթական հսկայ գայթակղութիւնը շատ հասկնալիօրէն գրաւած է հայկական լրատուամիջոցներու թողարկած լրատուութիւններուն առաջին հորիզոնականները։ Յայտնաբար տակաւին գաղտնազերծելի նիւթեր, թղթածրարներ գոյութիւն ունին։ Տարատեսակ կարծիքներ չկան, թէ նման արարքներ կ՛աղաւաղեն հայութեան հաւաքական նկարագիրը, տպաւորութիւն-համոզում կը կազմեն տեղւոյն հասարակութիւններուն մօտ հայ զանգուածին նկատմամբ աւելիով ամրացնելով արդէն իսկ ձեւաւորուած կարծրատիպերը այս մասին։ Յանցագործները, ամբաստանութիւնները հաստատուելու պարագային, արժանի են ամենածանր դատապարտանքի։
Այս հսկայ գայթակղութեան մասին մեկնաբանական լրատուութիւնները հոս կանգ չեն առներ սակայն։ Գերքաղաքականացման փորձութիւնները իրենք զիրենք կը պարտադրեն եւ տակաւին տեղւոյն իրաւապահ կամ դատական մարմիններու կողմէ առանց որեւէ նախնական յայտարարութեան սպասելու հարա-հրոցը կը սկսի հայկական կողմն աշխարհի։ Լրագրողական հարթութեան վրայ վհուկներու որսի կը ձեռնարկուի հասնելու համար ներիշխանական ոլորտներ՝ այնտեղ որոնելու համար յանցագործներուն գործընկերները կամ ուղղակի գործին պատասխանատուները։ Ի հարկ է չէ բացառուած, որ նմանատիպ եզրայանգումներ կատարուին։ Սակայն խնդիրը ժամանակէն առաջ հրապարակ գալով ակնկալե՛լն է, որ այդպիսի բան պատահի։ Որ խայտառակութիւնը չսահմանափակուի Քալիֆորնիոյ մէջ, հասնի Երեւան։ Հասնելով Երեւան առիթի վերածուի, որ արտաքին ճնշումները շատնան Հայաստանի պետութեան վրայ։
Այժմ ռազմական ոլորտ։ Հայկական բանակին մէջ արձանագրուող պատահարները իւրաքանչիւր հայու համար մտահոգութծիւն է, ցաւ է։ Կտրուկ միջամտութիւններով անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի հնարաւորինս կանխարգիլելու նման երեւոյթներու ծաւալումը։ Հրադադարի անվերջանալի խախտումներու, ադրպէյճանական սադրիչ գործողութիւններու վերսկսման, ռազմատենչ հռետորաբանութեան զարգացման եւ պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան բարձրացման ընդհանուր մթնոլորտին մէջ թոյլատրելի չեն բարոյահոգեբանական անկումի առաջնորդող նման պատահարները։ Նոյնքան եւ աւելի սակայն թոյլատրելի չէ տակաւին պատերազմկաան կարգավիճակի մէջ գտնուող մեր երկրի բանակը վատաբանելը, քաղաքական առաւելներ շահելու համար բանակի մարտունակութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելը, խծբծելը։ Այս մօտեցումները հեռու են կառուցողականութենէ. հեռու են սրբագրութեան միտումէ։
 Նշուածները պարզապէս ամենահրատապ խնդիրներուն կը վերաբերին։ Այլ օրինակներ կան եւ կը թուի ,թէ պիտի ըլլան տակաւին։ Պետութիւնն ու իշխանութիւնները գիտակցօրէն սահմանազատելու անհրաժեշտութիւնը ինքզինք զգալի կը դարձնէ։ Խծբծանքն ու կառուցողական քննադատութիւնը իրարմէ տարբերելը արդարօրէն ակնկալելի է։ Այլապէս, միայն ծայրայեղ բացասական երանգներ հաղորդելու այսօրուան մօտեցումները խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն մամուլի կամ լրատուամիջոցի հաւաստիութիւնը։ Իսկ հաւաստի, ազատ եւ պատասխանատու մամուլը անհրաժեշտ է քաղաքացիական առողջ հասարակարգի կայացման համար։ Անիկա իր կարգին՝ հզօր, ժողովրդավար պետութեան համար։

 Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր

Այս խորագրի վերջին նյութերը